2013-03-25 13:02:59

ֆրանսական Մանիֆիքադ Տպագրատունը Կը Հրապարակէ Ներկայ Պապի` Կարտինալ Պերկոլոյի Մէկ Գիրքը, Որ Ունի Որպէս Տիտղոս. ''Սէր, Ծառայութիւն եւ Մարդկութիւն''։


Կարտինալ Պերկոլիօ ս. Պետրոսի Աթոռին վրայ բարձրանալէ ետք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անունը ընտրելով, աշխարհի զանազան տպագրատուները կ'աշխատին մօտէն ճանչնալ զայն անոր գրութիւնները ներկայացնելով հանրութեան։

ֆրանսական ''Մանիֆիքադ'' տպագրատունը մտադիր է Աւագ Ուրբաթ օրը` մարտ 29-ին հրապարակել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մէկ գիրքը, որ ունի որպէս վերտառութիւն ''Սէր, ծառայութիւն եւ մարդկութիւն''։ Հատորը կը ներփակէ սպանացի եպիսկոպոսներուն հոգեւոր կրթութեան ընթացքին, Պերկոլիոյ Քահանայապետին կատարած խորհրդածութիւնները։
Հատորը կը դիմագրաւէ աշխարհի հաւատացեալներու ուղղած հարցադրանքներուն ներկայ Քահանայապետին, որ 13 մարտին ներկայացաւ հանրութեան որպէս խոնարհ հովիւ մը։
Հատորին նախաբանը կը կրէ ստորագրութիւնը Լիոնի առաջնորդ կարտինալ ֆիլիփ Պարպէրանիի։ Հատորը առիթ կու տայ ճանչնալու ներկայ Պապին հոգեւորութիւնը։ Կը խօսի եկեղեցւոյ կառավարութեան մասին, եւ անոր անձին մէջ կը տեսնենք ճշմարիտ Հովիւ մը, յոյսով լեցուն, աչքերը սեւեռած դէպի ապագայ, քաջալերելով ամէնքը մօտէն հետեւելու Քրիստոսի։
Իտալական Մոնտատորի տպագրատունը նոյն թուականին` Աւագ Ուրբաթ մարտ 29-ին, կը հրատարակէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետ` կարտինալ Պերկոլիոյի եւ Ռաբունապետ Աբրահամ Սքորքայի ''երկինքն ու երկրիրը'' գիրքը, որ կը խօսի քաղաքականութեան, կրօնքի եւ իշխանութեան ընդմէջ կապի մասին։









All the contents on this site are copyrighted ©.